ԱճԷՄԵԱՆ ՐԱՖՖԻ

Ծնած է Պէյրութ։ 1987ին հաստատուած է Մոնթրէալ։ Շրջանաւարտ է Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանէն որպէս ճարտարագէտ։ Հետեւած է նոյն համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։ Առաջին գրութիւնները լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածին մէջ, 1994էն սկսեալ։ Մաս կազմած է նաեւ անոր խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի «Բաց նամակ» պարբերականին։ Աշխատակցած է զանազան գրական ամսագրերու եւ թերթերու՝ «Բագին»ին, «Յառաջ»ին, «Ինքնագիր»ին եւ Մարկ Նշանեանի «Կամ» հանդէսին։

Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները

ՄՈՒՏՔ
Սան Ֆրանսիսքոյէն Սաքրամէնթօ ինքնաշարժով քանի մը ժամ ճամբայ է՝ 140 քիլոմեթր։ Տարիներ առաջ էր։ Նոր եկած էիր տակաւին ու լեցուն էիր պատմութեամբ։ Աւելի ճիշդ պատմութիւնը տակաւին կը հոսէր մարմնիդ մէջէն, կը կիսէր քեզ անցեալին ու ներկային միջեւ։ Գործով գացած էիք ընկերոջ մը հետ, մէկ օրուան երթալ-գալ մը…

Կարդալ աւելին

Ֆրանսացի գրող եւ քննադատ Ժան-Փօլ Էնթհովէն Փրուսթի վէպին նուիրուած գրութեան մը մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք երբեք չեն կարդացած «Կորուսեալ ժամանակի փնտռտուքով» վէպը…կ’անգիտանան, որ անոր երեք հազար էջերը ունին արտառոց ուժը կերպարանափոխելու անոնց իսկական…

Կարդալ աւելին

Հրայր Անմահունի Էօլմէսէքեան Սփիւռքի արուեստագէտն է, եթէ այդ բազմիցս չարչարուած եզրը պարպենք իր սովորական երկակի հասկացողութիւններէն կապուած ներսի/դուրսի, կեդրոնի/ծայրամասի, վաւերականի/անվաւերի, մնայունի/գնայունի, եւայլն։ Հարիւր տարի է վերապրող գոյութիւն մը…

Կարդալ աւելին

Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու…

Կարդալ աւելին

«­Հե­րոս ըլ­լա­լու հա­մար մի­նակ պի­տի ըլ­լաս»։ Այս­պէս կը բա­ցո­ւի Քրիս­տի­ան Բա­տի­կե­ա­նի «­Սու­փըր հե­րոս­նե­րը կը մեռ­նին ամ­րան» խո­րագ­րո­ւած հա­տո­րը։  Ու­շագ­րաւ վեր­նա­գիր մըն է, ո­րով ար­դէն կ՚ո­րո­շադ­րո­ւի նիւ­թին լա­րու­մը. սու­փըր հե­րոս­նե­րը՝ հա­կա­ռակ կար­ծո­ւա­ծին՝ կը մեռ­նին, գու­ցէ պէտք է մեռ­նին ո­րոշ ե­ղա­նա­կի մը։ Ա­սոր վրայ կը բար­դո­ւի յա­ւե­լե­ալ նշում մը  գիր­քին սկիզ­բը…

Կարդալ աւելին

1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին, որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած առաջնակարգ ամերիկեան պարբերաթերթն էր։ Նիւթս ճազը Միջին արեւելեանին հետ համաձուլող (fusion) երաժշտութեան մասին էր, ինչ որ անմիջապէս մերժուեցաւ, հակառակ զայն Օռնէթ Քոլմանի ու իր նման ճազի ծանրակշիռ անուններու գործերու պարունակին մէջ տեղադրած ըլլալուս։ Օրին ենթադրեցի որ մերժումի պատճառը անոնց բոլորովին անծանօթ անձերու մասին գրելու ցանկութիւնս էր, […]

Կարդալ աւելին

 Առաջին հատորով մը, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ…

Կարդալ աւելին

ԳՈՅՆԵՐՈՒ յորձանուտ մըն է, որ կը գրաւէ դիտողին տեսադաշտը երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, եւ առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ ինչպէ՞ս դիրքորոշուիլ երանգներու լայնածաւալ այս հոսքին դիմաց։ Պաստառները բոցավառ հրդեհներ ըլլան կարծես, որոնցմէ արձակուած գունային բռնկումներ կը լեցնեն պատկերասրահի

Կարդալ աւելին

«Մանկութիւնս մեծ մասամբ մութ սենեակ մըն է, ելեկտրականութիւնը փոխարինող մոմ մը, ռումբերու պայթումներուն բարձր ձայները եւ մեծերու իրարանցումը», կը խոստովանի արուեստագիտուհի Անի Քիւրքճեան։ Պատկեր մը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն գրեթէ երեսուն տարի անց շատերուս մտքերուն մէջ կը շարունակէ արթնցնել մութ ժամանակներ։ Դէպքերը առարկայական գետնի վրայ վերջ կը գտնեն, տարիները կ՚անցնին…

Կարդալ աւելին

Նկարներդ, սեւ ճերմակ, կը շարունակեն տողանցել մտքիս հորիզոնին՝ անմեղութեան ժամանակի մը անվերջանալի երթը յուշելով։ Երբ անոնց կը նայիմ, կարծես ես ինծի է որ կը նայիմ անցեալի մը ոսպնեակէն, անցեալ մը ուր կամ ու չկամ, եւ ուրեմն կը մնամ միշտ անվերջ փնտռտուքի մը մէջ։ Կը փնտռեմ քաղաքիս փողոցներն ու անոր ժամանակները։ Ինչ որ կը գտնեմ՝ հոսկէ հոնկէ…

Կարդալ աւելին

Գրիգոր Մոմճեան ամբողջական արուեստագէտ մըն է։ Պէյրութէն մինչեւ Հոլանտա, ուր կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ 45 տարիէ, անցնելով Երուսաղէ­մէն, Ֆիրենցէէն ու Փարիզէն, ան հետամուտ եղած է ներսէն եկող զգացումի մը դրսեւորումին, մասնաւորաբար ապաւինե­լով գոյնի ու գիծի հանդէպ վաղ տարիքէն յայտնուած հետաքրքրութեան ու ձիրքին, բայց ոչ միայն։ Փայլուն աշակերտ, Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանը ա­ւարտելէ ետք ուսման ծարաւը զինք կը նե­տէ Սուրբ Քաղաքի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր կը մնայ 1961-1964 տա րինե­րուն։ Բախտ մըն է այս մէկը, որ վանքի խնկաբոյր ու խորհուրդներով լի մթնոլոր­տին […]

Կարդալ աւելին

2024ի ամրան, բանաստեղծական երեք գիրքեր եկան ճոխացնելու սփիւռքեան գրական մեր անդաստանը։ Ճիշտ է, որ բանաստեղծական գիրքերու տեսակէտէ ընդ­հանրապէս ժլատ չեն եղած անցնող տասնամեակները, սակայն երեք գիրքերուն միաժամանակ լոյս ընծայու մը ճոխութիւն մըն է, որ կ’ուրախացնէ մեզ։ Բանաստեղծութիւնը ըլլալու կերպ մըն է, բայց մանաւանդ լեզուն ապրելու, պիտի ըսէինք ներապրելու եղանակ մը։ Լսել մըն է անիկա լեզուին ընդերքէն եկող ձայնին ու կանչին։ Բայց նաեւ ապրիլ մը օրին ու ժամանակին մէջ։ Այս երեք հատորները կը ծնին աշխարհի տարբեր անկիւններէն, սակայն բոլորն ալ մեր […]

Կարդալ աւելին

Գրութիւններու արխիւ

յաջորդ
ՀՄԱՅՔԸ