ԱԿՆԵՐԵԱՆ ԱՆՈՅՇ

Գրող, խմբագիր, հրատարակիչ։ Ծնած է Պէյրութ, այժմ կը բնակի Մոնթրէալ, Գանատա։ Աւարտած է Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանը՝ մասնագիտանալով Անգլերէն գրականութեան եւ վերլուծական իմաստասիրութեան մէջ։ Կանուխ տարիքէն աշխատակցած է գրական եւ հասարակական պարբերաթերթերու՝ Լիբանան, Գանատա եւ Հայաստան։ Սեփականատէրն է Corridor Books հրատարակչական ընկերութեան։ Իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը՝ Սկիզբ խորագրով, լոյս տեսաւ 2015ին։

Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները

 – Բոլորովին անընդունելի՛ է։ Ա՛նընդունելի։
– Գիտեմ։
– Ահռելի բան է, եւ ո՛չ ոք կ՚անդրադառնայ ատոր։
Ատոմ եւ իր ընկերը նստած են դէմ դիմաց, զգալիօրէն վրդոված։ Պատուհանէն դուրս արեւը մերթ կը յայտնուի ամպերուն ետին, վայրկեանի մը համար գաղջ ջերմութիւն կը սրսկէ սենեակէն ներս եւ ապա կրկին կը կորսուի։
Ատոմին կինը, որ քիչ մը անդին…

Կարդալ աւելին

ԶԻՆՔ չէր սիրած ռոմանտիկ սէրով մը։ Պարկեշտ եւ պարտաճանաչ կին եղած էր իրեն։ Հոգատար եւ համբերատար։ Եւ ինքզինք թեթեւցած զգացած էր երբ ամէն ինչ աւարտած էր ու ան ընդմիշտ հեռացած էր։ Թաղումէն առաջ եւ ետք, եւ նոյնիսկ մարմինը հողին յանձնած ատեն, թագաղին վրայ ափ մը հող ցանած եւ կարմիր վարդ մը նետած ատեն՝ կաթիլ մը արցունք իսկ չէր թրջած աչքերը։ Հանդարտօրէն կատարած էր իրմէ ակնկալուածը

Կարդալ աւելին

> Ժամ առաջին
ՀՈՍ չեմ եկած երբեք։ Քիչ մը ճնշող է ներսի մթնոլորտը։ Մութ է եւ կարծես ներկաները հրոսակներու խումբ մըն են։ Կ՚երեւի ես ալ տարօրինակ կը թուիմ իրենց, իմ մաքուր ճինզովս եւ ճերմակ վերարկուովս։ Կաշիէ ժաքէթներով, շղթաներով եւ թաթուներով այրեր ու կիներ կը դառնան եւ ինծի կը նային։ Ջուրէն դուրս ինկած ձկնիկ եմ հոս, որ…

Կարդալ աւելին

Նաւապտոյտը շուտով պիտի սկսի։ Շչակը հնչած էր վայրկեան մը առաջ եւ զբօ­սաշրջիկները կամրջակին վրայ կարգի կեցած՝ սկսած էին արդէն դէպի նաւը յա­ռաջանալ։ Սեդա կը հաւաքէ պայուսակն ու վերարկուն նստարանին վրայէն եւ ինք ալ կ’ուղղուի դէպի նաւը։ ԱՄԼ Զէֆիր նաւը ճամբայ կ’ելլէ Պէ-Սէնթ-Քաթրին քարափէն եւ կը յառաջանայ դէ­պի Սէն-Լորան գետի խորերը։ Նաւուն ընդարձակ տախտակամածը տրամադրուած է զբօսաշրջիկներու, որոնք Սեդային պէս եկած են կէտ ձուկերը դիտելու (որոնք ձուկ ան­գամ չեն, այլ ստնաւոր)։ Դեռ կէտերը չյայտնուած, շրջագայու թեան առաջ նորդը՝ բարձ­րախօսը ձեռքին՝ կը […]

Կարդալ աւելին

Պտանեկան գրականութեան կարիքը վաղուց զգացած է հայ հա­սարակութիւնը, սակայն նշանակալից եւ ժամանակակից շատ քիչ բան կատարուած է այդ ուղղութեամբ։ Կան բա­ւական թիւով մանկական գիրքեր, բայց ո՛չ այդքան՝ պատանեկան։ 1 Եւ ահա եղաւ Շողեր Մարգարեանի վէպը, որ թէ՛ գեղարուեստական իմաստով եւ թէ՛ խորքային իմաստով՝ կարեւոր ստեղ­ծագործութիւն մըն է։ Նախ պիտի տամ վէպին հակիրճ պա­տումը, ապա պիտի կեդրոնանամ յատկանիշներուն եւ յատկութիւններուն վրայ։ Կորսուած տառը ունի բծախնդրութեամբ ծրագրուած կառոյց եւ կ’ընթանայ բաղդատական դիցաբանութեան մասնագէտ՝ Joseph Campbell-ի Հերոսի Ճամբոր­դութեան (Hero’s Journey) հենքին վրայ։ Վէպին […]

Կարդալ աւելին

Տարիներէ ի վեր առաջին անգամն էր, որ երիտասարդ կին մը, համալսարա­նի շրջանակէն դուրս, իր գործերով կը հետաքրքրուէր։ Լեւոն Մելինէին ծա­նօթացած էր բարեկամի մը տունը, հաւաքոյթի մը ընթացքին, երբ ան իր հետաքրքրութիւնը շարժած էր գրականութեան մասին իր արտայայտած խօսքերով։ — Այսօրուան նոր գրողները իրարու հետ մրցակցութեան ելած են թէ ո՛վ աւելի ծայ­րայեղ նորարար կրնայ ըլլալ, ո՛վ աւելի բարդ եւ անհասկնալի կրնայ գրել, որպէսզի աւելի խորունկ կամ խելացի նկատուի,— կ՚ըսէր Մելինէն, մինչ ինք խմիչքի սեղանին մօտեցած էր իր գինիի գաւաթը նորոգելու համար։ […]

Կարդալ աւելին

Գրութիւններու արխիւ

նախորդ
ԵՐԵՔ ԳԻՐՔ