Մենակեաց ու լուռ սուրբի մը նման
ձեռքերդ ծալած կուրծքիդ խաչաձեւ
եւ ականջներուդ թմբուկին վրայ
թնդանօթներու գոռոցը՝ իբրեւ
ալելուիա նոր՝
կը դիտես հեռուն,
գոյներէն անդին,
ուր հսկայ շէնքեր
հին խաւաքարտէ տուփի մը նման
ապակիի խշոցին հետ

ԱՍՈՅԵԱՆ ԽՈՍՐՈՎ
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Երթեւեկը կանգ առած է ափիդ մէջ,
երակներուդ, արիւնիդ,
մինչ աւերակ քաղաքի
յոգնութիւնը կը թանձրանայ
մատներուդ մէջ, ջիղերուդ,
կշտամբելով քեզմով քեզ:
Լճացումը կը յօրանջէ տանդ մէջ,
էութեանդ, հոգիիդ,
մինչ մոխրացած դէմքերու
Վերադարձի ճամբու վրայ ենք ես ու դուն Վայրէջքի ճամբու վրայ ենք ես ու դուն Աչքերնիս հողին յառած Նահանջի Ճամբու վրայ ենք Ես ու դուն: Աշուն է, Պապի՛կ աշուն է չոր, թունաւորուած ականահար վէրքերով հին չդարմանուող Ափին քնատ կողին Սիւնեաց սարեր դաշունահար Հայու վարքով, արտօնութեամբ թունաւոր արահետի կողերուն մանուկ որբեր չդադարող արցունքով կը սպասեն վերադարձը իրենց թաղին, իրենց տան Մշուշի հին ծալքերէն կը հոսին բառեր կիսահատ «Զարթի՛ր, որդեա՛կ յուշ բեր վե՛ր կաց, Պատերազմի փողն հնչեց…» կը նային տղաքը կը բերեն […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ