1-Metamorphosis. F. Kafka.
2-Plot. Joyce Carol Oats.
3-Vacuum.
Օր մը չէր, որ արթնցաւ եւ ինքզինք այս պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած:
Ինչ որ գտաւ այդ օրը, անդրադարձն էր անոր, այդ պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած:
ԵՐԱՄԵԱՆ ՄԱՐՈՒՇ
Բանաստեղծուհի եւ արձակագիր, «Բագին»ի խմբագրական խորհուրդի անդամ։ Ծնած է Հալէպ։ Շրջանաւարտ է Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանէն։ Դոկտորական թէզը պաշտպանած է Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի մէջ, նիւթ ունենալով «Սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը 1965-1995»։ Ունի պատմուածքներու երկու եւ քերթողութեան վեց գիրքեր, որոնցմէ վերջինը լոյս տեսած է Երեւան, 2015ին, ինչպէս նաեւ հեղինակն է «Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու սփիւռքահայ բանաստեղծութեան» եւ «Ջահակիր» շաբաթաթերթի (Գահիրէ) յաւելուածի Ի., Գահիրէ, 2018։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Գիրք մը, օրինակ
Գիրքին կողքը կարդալու պէտք չկայ. ատիկա ըրեր ես արդէն ցուցափեղկէն դիտած ատենդ կամ գրախանութին մէջ, գրաւուեր ես անոր ձեւաւորումէն եւ գներ ես զայն։ Կամ եթէ բարեկամ մը տուեր է, ստիպելով, որ կարդաս՝ «շատ աղուոր է», – թէեւ այս պարագային յստակ չէ, թէ «աղուոր» ճիշդ ինչ կը նշանակէ, հակառակ աղջկան մը
Երբեք չէի մտածած, որ կրնայիր բնոյթ ունենալ, մարդկային բնոյթին պէս բան մը, որ հոգի ըսելու տարբերակ մըն է։
Յետոյ եկաւ Օշականը, Վահէն, եւ սկսաւ իր մուկուկատուի խաղը քեզի հետ։ Կը զգայի իր խորունկ հաճոյքը, ամէն օր ու ժամ նոր խաղ ստեղծելով, նոյն խաղին տարբեր օրէնքներ որոշելով, միս-մինակը խաղալով։
Այո, միս-մինակ էր (միս-ը…
Վեհանոյշ Թեքեան որպէս բանաստեղծուհի ի յայտ կու գայ համեմատաբար անջրդի շրջանի մը, 1969ին, երբ երկար ժամանակ Սփիւռքէն ձայն մը, մանաւանդ՝ երիտասարդ, չէր լսուած:
Իր առաջին գիրքը՝ Կապոյտ Ապրիլ, ցնցիչ յայտնութիւն մըն էր, հակառակ անոր, որ Թեքեան արդէն ծանօթ անուն դարձած էր մամուլին մէջ իր յաճախակի երեւումներով:
Այդ օրերուն թէեւ Սփիւռքի կամ Սփիւռք…
Patchwork
***
Ներսս տեղ մը
Patchwork-ի պէս կարկտնուած
քաղաք մը կայ
կարկտնուած փողոցներով ու ծանրացած
շատ ծանրացած
կարկտնուած փողոցներս կը սկսէին…
Կարդալ աւելինԴրացիները քահանայ մը բերին, դագաղ մը վարձեցին եւ Մարիամիկը տարին թաղեցին ամուսինին քով, որուն ոսկորները դեռ չէին չորցեր։
Պառաւը ամբողջ ընթացքին գետինը նստած մնաց, «Աստուած հոգին լուսաւորէ»ներն ու «հողը թեթեւ գայ»երը չլսեց կարծես։
Երբ դրացիները քաշուեցան, պաղ մը ինկաւ սենեակին մէջ, պատուհանին կոտրած ապակիէն ներս նայող հովը ծաղրանք թուեցաւ…
Ձեռքիս տակ են Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Բագին»ի համար ղրկած քերթուածները:
Առօրեայէն առնուած վիճակներ, որոնք կը ներկայացուին նոյնքան առօրէական պատկերներով եւ որոնք կրնան «անպատշաճ» համարուիլ մեր քերթողութեան համար, բայց ընթերցողը անմիջապէս կը դնեն ուղղակի յարաբերութեան մէջ բանաստեղծին հետ:
Ա. ՍԵՆԵԱԿՆԵՐ
ոչ չեն ճնշեր պատերը
կը խորտակուին շառաչով
ասդին անդին կը քշուին
հովին հեծած ագռաւներուն
բազկերակի դոփիւնին եւ
քունքերու թոմ-թոմներուն
կշռոյթով
I — հանդիպեցանք կրկին.
Լուսաւոր կղզիներ հանդիպումներն այս
Մեր մութերը կամրջող
Լրիւ մութ չէր, ո՛չ,
Լուսաւոր կղզիներն
Իրենց ցոլքերը կը նետէին հեռուներուն
Մինչեւ ծնունդը մեր
Տխրութիւնը փճացաւ ինչպէս տան կարասիները
Յիշատակները
Եւ մնացեալ ամէն հաւատալիքները
Հրդեհուած տուներուն հետ
Արցունքները չորցան
Եւ մահը որ օրհնութիւն էր այն երանելի օրերուն
Բացաւ իր իսկական դէմքը
Սեւ կնգուղին տակ
Մի՛ մարէք լոյսերը անկարելիին
* * *
Եւ մեր միջեւ սեւ խոռոչ մը
որ ինքզինք կը ձեւէ
Կը տեղաւորուի
Հմայիչ վախազդու եւ անյատակ
Անհող տարածք մշակումի
Պեղելու ինչ կրնայ ըլլալ
Մեզմէ անկախ
Մեր միջեւ
Արձակագիրներով աւելի հարուստ Սփիւռքի մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ եւ ամենէն վաւերական բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան:
Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 1902, ապրիլ 14-ին, զատկի օր մը:
Այս տարի իր ծննդեան վաթսունամեակն է ուրեմն: Քառասնամեակը նաեւ իր գրական գործունէութեան: Արդարեւ, իր առաջին
Վերջերս ստիպուած եղայ «տուն» բառին իմաստը բառարաններու մէջ փնտռել, նախ հայերէն, ապա անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն բառարաններուն մէջ, որովհետեւ կորսնցուցեր էի զայն՝ տունին իմաստը, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ տունին իսկական նշանակութիւնը եւ ուր ըլլալը:
Այլ խօսքով՝ կորսնցուցեր էի տունս: Անտուն էի: Եւ որպէս տուն չունեցող մէկը, «տուն»
Հողը իմս չէր
Բայց իմս դարձաւ
Երբ հոն թաղուեցան պապերս որոնք
Տիգրանակերտէն ԱՄՆի երազով
Եկեր էին հոս
Ուր երկինքը լուրթ երազ ցօղեր էր
Իրենց աներազ ու տագնապահար
Հողը իմս չէր
Բայց իմս դարձաւ
Երբ հոն թաղուեցան պապերս որոնք
Տիգրանակերտէն ԱՄՆի երազով
Եկեր էին հոս
Ուր երկինքը լուրթ երազ ցօղեր էր
Իրենց աներազ ու տագնապահար
ԱՍՏՂԵՐԷՆ ԻՋԱԾ ԿԻՆԸ Քալել չէր գիտեր Ամբողջ կեանքը թռչեր էր Երազները թեւերու պէս հագած Արթնցեր էր լուրթի երանգներուն մէջ Վարգեր հովերուն ետեւէն Եւ համտեսեր էր արեւը Իջեր էր Եւ քալել չէր գիտեր Քալել չէր գիտեր Բայց կը թռչկոտէր գագաթէ գագաթ Կը փնտռէր հոտը մանկութեան անցած Իջեր էր գրկած Աստղերուն փայլքը Անոնց բոցը պաղ Չկար լեռը սեւ Ու չկար գագաթ Միւս աստղերուն հետ թառելու համար *** Աստղերը թեւաւոր իջան Թաց աւազներուն Եւ անոնց փայլքը Լուսաւորեց կատաղութիւնը ալիքներուն Իսկ կինը Որ […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ