Եդուարդ Պօյաճեան հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է բանաստեղծութեամբ: Ինքնակենսագրական համառօտ ուրուագծէ մը կը տեղեկանանք, որ գրել սկսած է շատ կանուխէն, բայց գրածները տպագրել տուած 1932էն սկսեալ: Ա՛յդ ու յաջորդ տարին իր հրատարակութեան տուած կտորները մեզի անծանօթ կը մնան: Հաւանաբար օրաթերթերու մէջ ըրած է իր սկիզբը՝ «Ազդակ»ի, «Յուսաբեր»ի, կամ «Յառաջ» մէջ, որոնց հաւաքածոները, դժբախտաբար, հեռու մնացին մեր հասողութեան սահմաններէն: Իր ստորագրութեան առաջին անգամ հանդիպած ենք
Կարդալ աւելին
ՍՆԱՊԵԱՆ ՊՕՂՈՍ
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Երկրորդ աշխարհամարտի վախճանը աւետող լուրերը հազիւ հաստատուած՝ մարդիկ, մեծն ու փոքրը, ոտքի ելան եւ Երուսաղէմի մեծ ու փոքր զանգակները չլսուած պոռթկումով լեցուցին մթնոլորտը:
Միւս բոլոր ժողովուրդներուն վերէն նայող ցեղակրօն Գերմանացին ծունկի եկած էր, ու խնդութիւն էր ամէն կողմ, տարածասփիւռ, պայթուցիկ խանդավառութիւն:
Հատորը կը խմբէ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի արխիւին մաս կազմող 40 գրողներու նամակներէն 223ը, որոնք բոլորն ալ անտիպ են (բացի Համաստեղի եւ Արամ Հայկազի հինգական նամակներէն): Վերջին էջերուն զետեղուած լուսանկարներու փունջը վերցուած է Պ. Սնապեանի անձնական հարուստ ալպոմէն, որ կը գտնուի իր տուն-թանգարանին մէջ, Այնճար: Այս բոլոր լուսանկարները առաւել կամ նուազ չափով աղերս ունին նամակներուն բովանդակութեանց հետ, եւ բացի քանի մը հատէն՝ կը հրապարակուին առաջին անգամ:
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ