Նայեցաւ նախ Ալիսին, այդ ծանօթ, նոյնիսկ մտերիմ կերպարանքին, որուն շուրջ աչքերը ու երեւակայութիւնը դարձեր էին մանկութենէն ի վեր, փորձելով գոհացնել անքուն հետաքրքրութիւն մը անոր ու հօր մասին։ Թէ ի՞նչ էր փնտռածը, պահանջածը, ինչո՞ւ կը նախանձէր երբ հայրը զայն ծունկերուն վրայ նստեցուցած հրաշալի, անվերջանալի, անկարելի պատմութիւններ կը պատմէր, ու յետոյ…
Կարդալ աւելինՕՇԱԿԱՆ ՎԱՀԷ
Վահէ Օշականը ծնած է Պուլկարիոյ Ֆիլիպէ քաղաքը (այժմ՝ Փլովտիւ)։ Յակոբ Օշականի որդիներէն մէկն էր։ 1933ին աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, 1939ին՝ Երուսաղէմի անգլիական Սէնթ Ճորճ քոլէճը, 1951ին՝ Փարիզի համալսարանը: 1960-1975 թուականներուն դասախօսած է Պէյրութի ամերիկեան միջազգային գոլէճին մէջ, 1962-1975ին՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, 1972-1975ին «Հայկազեան» գոլէճին մէջ, ուր եղած է հայագիտական բաժնի տնօրէնը։ 1976ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր 1976-1982 թուականներուն վարած է Փենսիլվանիոյի համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնը, իսկ 1985-1988ին դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պերքլիի ճիւղին մէջ։ «Բագին»ի խմբագրութեան մաս կազմած է առաջին տարիներուն։ 1987-1999ին խմբագրած է իր հիմնած «Լաստ» բանաստեղծական ու քննադատական անգլերէն տարեգիրքը։ Հրատարակած է բանաստեղծութեան ու արձակի բազմաթիւ հատորներ, ու ստորագրած է բազմաթիւ գրաքննադատական ու հրապարակագրական յօդուածներ մամուլին մէջ։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
1972, Օգոստոս 14, կէսօրէ ետք ժամը չորսը քառորդ անց։
***
Չորս մեթրով երեք մեթր է ճաշասենեակը։ Էրիկ կնիկ նստեր են դէմ դիմաց ու քառակուսի գիծերով գոց կարմիր մոմլաթ կայ քառակուսի սեղանին վրայ։ Պատերը մերկ են, անօթի ծարաւ ու անարձագանգ՝ ուր ամէն ինչ կը հատնի. Բաց է պատուհանը ու դիմացի տասյարկանի շէնքի
Մեր խօսքին հիմնական գաղափարը այն է, որ զուտ ազգային գրականութեան մը յղացքը ժամանակավրէպ է եւ թէ Սփիւռքը, կտրուած հայրենի հողէն ու ցեխէն, խզուած դարակուտակ անցեալի մը բեռէն ու մղումէն, ցիր ու ցան եւ անհեթեթ, կատարելապէս
Կարդալ աւելինԵս սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
կարծելով թէ տեղս կայնած
մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն
Գրութիւններու արխիւ