Աշնանային արձակ հայքուներ
Աշնան ճանապարհիս
վարդենի մը կիսամերկ
գարուն կը բուրէ տակաւին:
Աշնան տերեւի նման
հովը ի զուր կը փորձէ տանիլ
սրտէս պոկուածը…
Ծնած է Պուրճ Համուտ, 1942ին։ Մեսրոպեան վարժարանին եւ Մխիթարեան հայրերուն մօտ ստանալէ ետք նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը, երկու տարի կ՚ուսանի Հայաստան, հետեւելով հայ գրականութեան դասընթացքներու, ապա Հայկազեան գոլէճ՝ հետեւելով հայագիտութեան։ Ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ կը ստանայ քաղաքական գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճան: 2000 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուի Մոնթրէալ, Գանատա: Վաթսունական թուականներէն աշխատակցած է «Բագին» գրական հանդէսին, իսկ Մոնթրէալի մէջ՝ «Հորիզոն գրական»-ին: Փանոս Ճերանեան հրատարակած է հետեւեալ բանաստեղծական հատորները՝ «Քամիներ» (1979), «Ընդմիջուած լռութիւն» (1991), «Քեզ ինչպէս կոչեմ …» (1998), «Ի լուր …» (1999), որ արժանացած է «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին, «Բառերուն լոյսը» (2005): Մամուլի տակ է իր «Թրթիռներ» հատորը:
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Աշնանային արձակ հայքուներ
Աշնան ճանապարհիս
վարդենի մը կիսամերկ
գարուն կը բուրէ տակաւին:
Աշնան տերեւի նման
հովը ի զուր կը փորձէ տանիլ
սրտէս պոկուածը…
Պատկեր
Աշունն այն տարի
մեզ անակնկալի բերաւ.
մեր տան բարտին ճամբեզրի
շարունակեց կանաչ մնալ։
Տերեւները՝ նման սիրոյ բացիկներու,
կը սօսափէին
եւ ճնճղուկները…
Ծոծրակդ ի վեր ձիւնաթո՛յր ուր կարապներ կ՚երազեն,
Պիտ՛ այս գիշեր չարչարեմ համբոյրներուս մեղեդին…
Ու շրթներուդ ընդմէջէն պիտի հոսին լայնօրէն,
Տագնապահար շշուկներն անտառներու կատարին…։
Հայեացքդ
միակն է, որ կը խուսափի ինձմէ,
դրժելով խոստումը՝
զիս տանելու
մանուածապատ շաւիղներէն
խոհերուս,
ուր՝ մոռացման բնակիչները կ’ապրին
ու կը լսուի մինչեւ իսկ,
Երեկոյեան, եռուզերին մէջ անորոշ պահերու, երբ կը փնտռեմ պայծառ դէմքը անցնողին, մենաշշուկ ծառերէն՝ բարունակներ, ջերմ ու գգուող թեւերու պէս, այլ ճիւղերու կ’երկարին: Երկու ալիք, երկու նշոյլ մանրաթել, ծիր կաթինի ճանապարհով հեռացած, ոտնահետքեր կը հիւսեն երկինքի լուրթ կտուրին: Եւ այտերուն կը դողայ կաթիլ մը լոյս բիւրեղեայ, ու սիրտս՝ շէկ փողոցային կանթեղի պէս կը բոցկլտայ: Ահա դէմքը այդ լուսաւոր անցորդին ինծի դարձած կը ժպտի … դէմքը՝ տարբեր ուրիշ, ծանօթ դէմքերէ, դէմքը՝ կարծես ափերու մէջ քանի՜ ափեր ձեւաւորած, դէմքը՝ ձիւնէն ձիւնասպիտակ, դէմքը՝ բոլոր […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ
