Որբունիի այս անտիպ էջերը, որոնք գրուած են անոր կեանքի վերջին տարիներուն, կը հանդիսանան Հալածուածները վիպաշարքի ութերորդ հատորի միակ գրուած էջերը։ Անոնք մեզի տրամադրուեցան Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ։ Շարքին առաջին հատորը՝ Փորձը, լոյս տեսած էր Փարիզ, 1929-ին, որմէ ետք Որբունի շատ երկար սպասած է, աւելի քան չորս…
Կարդալ աւելին
ՈՐԲՈՒՆԻ ԶԱՐԵՀ
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
«Ժամանակ եւ Խօսք» մատենաշարի սոյն հատորը կը ներկայացնէ ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի (1902-1980) աւելի քան կէս դարու երկայնքին գրուած օրագիրը, որ ոչ միայն անձնական վաւերաթուղթ է, այլեւ շրջանի մը պատկերը։ Հատորին կցուած են նաեւ գրագէտի արխիւէն վերցուած ձեռագրերու եւ լուսանկարներու պատճէններ։
Կարդալ աւելինԶարեհ Որբունիի Հալածուածները վիպաշարքին առաջին հինգ գիրքերը երկու խոշոր հատորներով լոյս տեսած էին 2020ին ու 2022ին, առաջինը՝ Փորձը, Թեկնածուն, եւ Ասֆալթը խորագիրներով վէպերը խմբող իսկ երկորդը՝ Սովորական օր մը ու Տիգրանը։ Ասոնցմէ առաջին չորսը նախապէս լոյս տեսած էին հեղինակի կենդանութեան, սակայն հատորները երկար ատեն է արդէն կը մնային անգտանելի։ Իսկ 5րդէն սկսեալ անոնք առանձին հատորով լոյս տեսած չէին բացի Եւ եղեւ մարդէն, որ իբր անջատ վէպ 1964ին լոյս տեսնելէն ետք է որ Որբունի զայն որպէս 6րդ օղակ մտցուցած է վիպաշարքին […]
Կարդալ աւելին(Էջեր զինուորի մը օրագրէն) Անգլիա, Յունիս 1940, Ուրբաթ Մեր իջեւանած դպրոցը կայարանէն մօտաւրապէս հինգ հարիւր մեթր է։ Երկյարկանի պիւսերը իրարու ետեւ շարուած արդէն մեզ կը սպասէին։ Ինչ որ մեզի խորհիլ տուաւ թէ անպայման քաղաքէն հեռու վայր մը պիտի երթայինք։ Բայց զարմանքնիս եւ նոյն ատեն հաճոյքնիս մեծ եղաւ երբ հազիւ կառք նստած պէտք եղաւ իջնել։ Գրեթէ անմիջապէս բոլորս փռուեցանք չոր տախտակամածին վրայ։ Դպրոցը ամառանոցի մը պէս արեւոտ եւ օդասուն է։ Դասարանները՝ մեծ։ Լուացարանը՝ խոհանոցի փոխուած։ Մեծ […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ




