տասնմէկերորդ ամսուան
քսանվեցերորդ օրն եմ
աս աշխարհը
մուտք գործեր
կ’ըսէր անձնաթուղթս
տասնմէկերորդ ամսուան
քսանեօթներորդ օրն եմ
Ծնած է Պէյրութ։ «Արեւ Բարեւ» մանկական հրատարակութիւններու հիմնադիրն է։ Կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ որպէս արուեստագէտ, գրող եւ մանկավարժ։ Բանաստեղծութիւնները տպուած են «Ինքնագիր» գրական հանդէսի կայքէջին վրայ։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
տասնմէկերորդ ամսուան
քսանվեցերորդ օրն եմ
աս աշխարհը
մուտք գործեր
կ’ըսէր անձնաթուղթս
տասնմէկերորդ ամսուան
քսանեօթներորդ օրն եմ
* * *
աչքերը դէպի
կապոյտը երկինքին
ամբողջ ուժով
կը քաշէ
երկար ու հաստ պարանը
կապոյտէն կախուած
եւ ահա
թեթեւ փետուրի մը նման…
Օրուան յոգնութիւնը անխնամ փաթթած
թեւիս տակ ամուր սեղմած,
բազում փոխադրամիջոցներ
մտնել
ելլել
մտնել
ելլել
եւ վերջապէս
մեծ մայրաքաղաքին մէկ արուարձանէն…
* * *
աշնանային ծառին
վերջին տերեւին նման
կառչած ճիւղին
կ’երերաս աջ ու ձախ
չես ուզեր քակուիլ
մինչեւ վստահ ըլլաս
Մերինները… գիրքի հրատարակութեամբ, Անահիտ Սարգիսեան չափահասներուն հետ պատումներու շարք մը կը բաժնէ: Իր խօսքով հիւսած եւ թուղթին վրայ ներկած իր թելով՝ ընթերցողին միջոցային եւ ժամանակային ճկուն տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը կ’ուրուագծէ: Մերինները… ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին Պէաթրիսի, Հերիքնազի կամ Ղազարոսի դէմքի արտայայտութիւններով, մտմտումներով, շուքին տակ մնացած անոնց նիստուկացով:
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ