ԼՈՂԱՒԱԶԱՆ պարապ նամակատուփէն ետք մինչեւ պատշգամ հոտը կայ բրածոյ ձուկերու տապկոցին եւ անծանօթ, քսու համեմներու— յետոյ անեզրութիւնը լուսամուտներու շարանին, պատշգամին դէմ յանդիման, որ կը նայի երիկամաձեւ լողաւազանին՝ իրար յարած չորս շէնքի կուշտին— ամրան ձայները, ցատկը ջուրերուն, ետ կու գան յաճախ, սակայն արդէն կանաչ կապած խորքը անոր՝ վատնումներ կը պահէ գաղտագողի եւ մգլոտումը չոր տերեւներ կը ծփացնէ մէկ սլաքի անցքէն միւսը— միջօրէին՝ անջրպետուող հայելի են ջուրերը, արտացոլումներ զարնելով մէն մի պատուհանէ ներս, փռուած հագուստներուն, խաբուսիկ թաղարներու կամ գարեջուրի շիշերու դատարկութեան ընդմէջէն— […]
Կարդալ աւելին
ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ ՄՀԵՐ
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Այնճարի Գալուստ Կիւլպէնկեան եւ ապա՝ Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններէն ներս:
1986-89 հետեւած է Պէրութի Notre Dame University-ի հեռատեսիլի եւ թատերական բեմադրութեան ճիւղին (Communication Arts), իսկ 1995-ին վկայուած Մոնթրէալի Concordia University-ի շարժապատկերի բաժանմունքէն, ֆիլմարտադրութեան մասնագիտութեամբ: 2024-ին աւարտած է նոյն համալսարանի Specialization in Art Education – Visual Arts ճիւղը:
1987-1988 մաս կազմած է Պէյրութի «Թատրոն 67» եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբերուն: 1988-1990 եղած է բեմադրիչ Լիբանանի Համազգայինի «Երիտասարդական Թատրոն»ին, իսկ 1991-ին ստանձնած է Մոնթրէալի Համազգայինի «Ադամեան» թատերախումբի բեմադրիչի պաշտօնը ու վարած զայն մինչեւ 1993։
1991-էն 2006 եղած է Մոնթրէալի «Հորիզոն» հեռատեսիլի վարիչ տնօրէն։ Նոյն տարիներուն աշխատակցած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին։
Հրատարակած է երեք գրքեր «Նոր Գրականութիւն» շարժման խմբակին հետ- անանուն գիրքը՝ 1984-ին, «Հերեան»՝ 1987-ին եւ «Սէր»՝ 1988-ին։
1995 թուականէն ի վեր, կը պաշտօնավարէ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն ներս: Երկրորդականի կարգերուն կը դասաւանդէ հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ, ինչպէս նաեւ՝ հայ լեզու եւ գրականութիւն՝ աւարտական դասարանին: 2011-էն ի վեր, ուսուցչութեան առընթեր,կը վարէ Սուրբ Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուի պաշտօնը:
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
մինչեւ անյայտանայ Մեծ Արջը, խորտակման սայրասուր ըղձանքը ունիս փարոսի մը դէմ որ տեղափոխուող է անընդհատ (Աղեքսանդր Մակեդոնացին ժամանակը իր վահանին կլայեկ դարձուց եւ սրահար իր զրահներէն՝ անժանգ կտորներ տուաւ ինծի որ շինեմ խճանկար մը դէմքիս. ծով մտնող տախտակամածի մը հեռու վերջաւորութեան դրի խճանկարը. «երազի մէջ չգալիք բաներ տեսած աչքեր ունիս» ըսին արեւախանձ ձկնորսները ու տախտակամածին թաց ուռկանները փռելով, ոսկեշառ մթնշաղ մը եւս ձգեցին, անցան յոգնած) հովը մարմնիդ կարծես կը քսէ պաղ, ծամծմուած ոսկորներ, զմելիներ կը բերէ […]
Կարդալ աւելիննետել այս մէկը եւ ուրիշներ գետնուղիի պատերուն ճեղքուած, ուրկէ ծաղիկներ սողոսկած նախնադարէն՝ կը կպին անցորդներու թեզանիքներուն— խուժում է յարահոս վակոններէն եւ աւուր վեցեկի ջրդեղուող ակնկառոյց, ակնկառոյց ռահն մեր անկայուն— յանգէր ու մնար ալ տեղ մը սա գնացքը մեր անդրջրհեղեղեան ողնասիւնը այս անապատի— Ոդիսեւսին հետ կապուած ճակտին ճեպընթացին, փապուղիէ փապուղի ոչ մէկ ծովահարս կը կանչէ ոչ մէկ երանգի ժապաւէն վէտվիտող՝ երկուորեակ սլաքներէն այս բեզարումի— անցնէր աչքս ոսպնեակէն եւ ապառնին թոպէր հեղ մը, պղտոր պատկեր մը […]
Կարդալ աւելինօրը նորէն կը սկսի նոյն զգայազիրկ խաչմերուկէն, կարծես արթնացումները առտուան հոդ պատահէին ոսկերիզ վերջին ամպին հետ՝ ցրուելով մէգը՝ զարթուցիչէն ընդհատուած ցերեկային երազներու, որոնցմէ թողարկուած մնային ուրուանկարներ՝ հանգոյցներու մէջ բանտուած մատներու, անբնակ նաւերով լեցուող մատոյցներու, կամ փոսերու՝ անընդհատ փորուող ու ճչացող օրը նորէն կը սկսի նոյն երթեւեկի լոյսին դիմաց, որու կարմիրը կը մտնէ աչքերուն ու կը մնայ հոն, մինչեւ գիշերուան վերջին թարթումը ճզմուի՝ հարցականներու մոխրամանին մէջ, անկողնին մօտ- բայց այսօր՝ արգելակներէն ներբանները չելած Հոկտեմբերի հով մը ծայր կ’առնէ շուար […]
Կարդալ աւելինայսօր ինկած է այն ծառը որ տարիներէ ի վեր չոր կմախքն իր ափի մը կենսագծերուն տարտամութեամբ ցցած կը մնար արդիւնաբերական շրջանի ցրուումին մէջ- քարացած փշաքաղումի մը նման իր ճիւղերու կոտրտանքը սփռած ասֆալթին, դանդաղ փտումին մէջ գեղեցկօրէն սլացիկ, մահուան մէջ կանգուն մնալէ ետք տարիներ, հիմա՝ մահով մը երկրորդ ու վերջին, անիւներու տակ կը փշրուի ծակոտկէն ու փուխր փայտն իր- (վերջին անգամ, անցնող գարնան, տեսած էի բոյն մը կ’ասպնջէր մեռեալ իր կատարին մայրացման անճիգ ու մունջ յանձնումով մը) փոշեցնցուղ անձրեւին հետ […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ




