1 ՊԱՏՈՒՄԸ՝ ՊԱՏՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ, Ի ՍԿԶԲԱՆԷ
Պըլտեանի արձակին ծննդավայրը առաջին քսանամեակի քերթողական գործերն են, ուր ան կ՚երեւի յաճախ «բանաստեղծական»ին հետ տողընդմէջ, բայց ուր միանգամայն, շատ կանուխէն, խնդրարկուած-մերժուած են ասոնց աւանդական սահմանումները, նաեւ՝ երկուքի անջատումը։
ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ծնած է Պէյրութ։ Ճեմարանը աւարտելէ ետք, կ՚անցնի Փարիզ եւ կ՚ուսանի գրականութիւն– փիլիսոփայութիւն, Սորպոնի համալսարանը։
«Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» երկար փորձ–ակնարկը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է «Ահեկան»ի աշուն 1968ի թիւին մէջ, կը հանդիսանայ ինքնագիտակից Սփիւռքի հիմնադիր գրութիւններէն մէկը։
1982ին կը հաստատուի Աթէնք, ուր տիկնոջ՝ Մարօ Քալայճեանի հետ կը հրատարակեն մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» շարքերը։
Հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ յատկանշական հատորի մը՝ «Փորձ Տարագրութեան մասին» խորագրով (1978)։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Կը սիրեմ էութեանս մթին պահերը:
Միտքս կը խորանայ անոնց մէջ:
Կը գտնեմ հոն՝ հին նամակներու նման
օրերը կեանքիս, արդէն ապրուած,
դիմացած՝ առասպելի նման, եւ հասկցուած:
Յետոյ կը հասնի գիտնալու պահը –
Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը – բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան: Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ:
Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք…
— Կը պատկերացնե՞ս,— կ’ըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ’ընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն…:
Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր…
ԱՐՁԱԿ եւ բանաստեղծութիւն, գիտենք, բարդ են, բազմադիմի՝ իբրեւ յղացքներ: Բարդ՝ նաեւ իրենց առնչութիւնները, յատկապէս երբ կը ներկայանան կիրարկուած՝ գրագէտի մը կողմէ երկակի վաստակի մէջ, արձակ եւ բանաստեղծական գործերով:
Երկու սեռի այս գործերը, ուրեմն նոյն վաստակին մէջ, աւելի կամ նուազ սերտօրէն կ՚առնչուին…
ՀԱՅԱՍՏԱՆ այցերէս մէկն էր, կը յիշեմ, հաւանօրէն 2010, յուլիսի ահաւոր տօթ կէսօր մը: Գացած էի հանդիպելու երեւանեան իմ սակաւաթիւ ծանօթութիւններէս՝ Վլատիմիր Բարխուդարեանին, Ակադեմիայի իր գրասենեակը: Զրոյցը, հանդարտ եւ ջերմ միանգամայն, ինչպէս էր ինքը՝ այժմ հանգուցեալ հիւրընկալս, տեւեց բաւական երկար: Ոգեկոչեցինք առաւելաբար վենետիկեան օրեր, որ անցուցած է ինք միասին — ծանօթացումով եւ անկաշկանդ զրոյցով: Տպաւորած էր իր զուսպ, խաղաղ, ճենթըլմէն վարքով-վարմունքով, ո՛չ
Կարդալ աւելինԶգայութեան մատները դողդոջ
Եղինջի նման դէմքիս կը հպին …։
Պահն է արարման,
Այլ սերմեր չկա՜ն.
Արգանդը սիրոյ, գուրգուրանքին հրակէզ
Զնտան է միայն,
Ուր արցունքով ոռոգուած
Վաղուց արդէն բնակուած հմայական ցաւերով,
Կը շրջէի ես անդուլ դիւահարի մը հանգոյն,
Կը փնտռէի փրկարար բառս բարի,
Սակայն չէի յաջողեր ճշդել անունը անոր։
…
Կարդալ աւելինՄամռակալած պատի պէս
Գանկս ամուր կը փակուի
Կատաղութեանս բոլոր շարժումներուն դէմ տկար…։
Գրակալիս մէջ յանկարծ
Կորիզային հիւլէները կը պայթին,
Երկու յուղարկաւորներ փսփսացին ետեւի նստարանէն, եւ ինք կորսնցուց մտածումին թելը: Իրականութեան գալով անդրադարձաւ յանկարծ, որ երազեր էր երկար, այդպէս հոն ոտքի, երիտասարդ քահանային շրթունքներէն թափթփող տարտամ բառերուն դէմ: Խորանին լոյսերը կը շողային մշուշախառն կիսամութի մը մէջ, եւ պաղ քրտինք մը ողողած էր քունքերը:
Կարդալ աւելինՇաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորութեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փարիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթափանց
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ