Լեո Լեո Վարդանյանը ուշագրաւ արուեստագէտ մըն է։ Որպէս վերացական ոճի հետեւորդ, ան իր պաստառներուն միջոցով կ’ուսումնասիրէ տարբեր տարածքներու յարաբերութիւնները, տարբեր շերտերու ձգողականութիւնն ու թրթռացումները։ Անոր կտաւները ունին քաշողական ուժ մը, որոնք իրենց մէջ կ’աքցանեն դիտողն ու անոր արուեստի ընկալման փորձառութիւնը։ Պաստառին վրայ արձանագրուած նկարիչին անկեղծութեան երանգներն ու շերտերը ազատօրէն կ’օրօրեն դիտողին միտքը՝ գունային ցանցի ու ներդաշնակութեան համաչափ ռիթմով։ Լեոյի պաստառներուն առջեւ, արուեստասէրը հայելացման փորձառութիւն մը կ’ապրի, որ կ’անցնի ժամանակի անսահման ու անչափելի տարածքներէ։ Հոն է, ուր դիտողը կը պապէ իր […]
Կարդալ աւելին
ԲԱԳԻՆ
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Նորայր Գասպար գանատահայ արուեստագէտ մըն է, որ կը զբաղի հիմնականաբար ֆիլմարուեստով ու լուսանկարչութեամբ։ Հասակ նետած է Քուէյթ, ապա Վենետիկ, յաճախելով Մխիթարեաններու երբեմնի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, որմէ ետք նոյն քաղաքին մէջ հետեւած է լուսանկարչութեան ու ճարտարապետութեան, ապա անցած է Գանատա ու աւարտած Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանի ֆիլմարուեստի բաժանմունքը։ Կ’ապրի Վենետիկ։ Որպէս շարժանկարահան (cinematographer) աշխատակցած է բազմաթիւ գանատական ու միջազգային ֆիլմերու։ Տուած է նաեւ բազմաթիւ անձնական ցուցահանդէսներ Ստանպուլ (FotoIstanbul), Յունաստան (Thessaloniki Biennale), ինչպէս նաեւ Իտալիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, ներառեալ Վենետիկ, 2013-ի Պիէնալէին՝ Հայկական […]
Կարդալ աւելինՄկրտիչ Մաթեւոսեան ծնած է 1961ին Գիւմրի։ 1983ին աւարտած է Երեւանի մանկավարժական ինստիտուտի գեղարուեստից բաժինը: Կազմակերպած ու համադրած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ինչպէս՝ «Աբստրակցիոնիզ մը Հայաստանում» անունով երկու ցուցահանդէսները, մէկը 1992ին, միւսը 1996ին, Գերմանիոյ Պոխում քաղաքին մէջ կայացած ու Հայաստանի նուիրուած մեծ ցուցահանդէսը 1994ին, «Ժամանակակից հայ արուեստը» ցուցահանդէսը Մոսկուա 1995ին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ շարք մը այլ ցուցահանդէսներ: Իբրեւ նկարիչ նաեւ մասնակցած է Հայաստանի ու արտասահմանի մէջ կայացած զանազան ցուցահանդէսներու։ 1995ին հիմնած է Ակտուալ արուեստ մշակութային միութիւնն ու ապա համանուն հրատարակչութիւնը: 2004ին […]
Կարդալ աւելինՀամազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանէն ու Բագին Դասական մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Սեմին վրայ» հատորը, որ փունջ մը գրութիւններ կը ներկայացնէ Զապէլ Եսայեանէն, Նանոր Գպրանեանի ընտրութեամբ եւ յառաջաբանով, իսկ հատորին խմբագիրն է Եսայեանի զանազան հատորներ հրատարակութեան պատրաստած հմուտ բանասէր Սեւան Տէյիրմէնճեանը։ Ասիկա առաջին փորձ մը կը հանդիսանայ մէկ կողքի տակ հաւաքելու Եսայեանի այն գործերը, որոնք՝ ըստ կազմողի ծրագրին, կը ներկայացնեն թրքական համագիրը, թուրք տիպարներ եւ անոնց վերաբերեալ հարցեր, յատկապէս կիներու ընկերային տագնապներու եւ միջ-համայնքային համերաշխութեան ոլորտներէն: Կազմողին նպատակը եղած է «համադրել առ […]
Կարդալ աւելինՄարդիկ կան, որ իրենց ժամանակէն առաջ կը յայտնուին կարծես միջավայրի մը մէջ եւ կարողութիւնը կ’ունենան իրողութիւնները տարբեր ակնոցով դիտելու քան զիրենք շրջապատողներու մեծամասնութիւնը։ Անոնք օժտուած կ’ըլլան հարցերը սովորականէն դուրս վերլուծելու կարողութեամբ, գուցէ գիտութեամբ մը, առնուազն սուր տեսողութեամբ։ Իրենց ախտաճանաչումներն ու յայտարարութիւններ յաճախ զիրենք կը մղեն ընկերութեան մը «ինքնահասկացողութեան» պողոտաներու լուսանցքին ու կը մնան քիչ հասկցուած կամ գնահատուած, սակայն անոնցխօսքն ու թելադրութիւնները ժամանակի ընթացքին կը բիւրեղանան ու կը դառնան ապագայ ծանուցող ու սերունդ առաջնորդող պատգամ։ Այս երեւոյթը ի զօրու է նաեւ […]
Կարդալ աւելինԳրականութեան մէջ անուններ կան, որոնց յիշատակումը գրեթէ անմիջապէս կը յուշէ ուրիշ մը։ Անոնք կարծէք միասին կու գան, օրինակ՝ Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ, Լէյլի եւ Մէճնուն, Սօս եւ Վարդիթեր։ Խոստովանինք որ մեր գրականութեան մէջ սիրավէպերը շատ չեն, սակայն ո՞վ չէ լսած Ինտրայի ու Իռենայի անունները։ Ներաշխարհին մէջ սակայն, Ինտրայի համար Իռենան իր սէրը ըլլալով հանդերձ, կը խորհրդանշէ եսէն անդին գացող հոգեկան սլացք մը, սիրոյ գաղափարը ինքնին, որպէս «յաւիտենական անդրեսութեան ոգին»։ «Տիեզերքը սէր է», ըսած է ֆրանսացի կրօնաւոր, փիլիսոփայ ու միսթիք՝ Փիէռ Թէլհարտ […]
Կարդալ աւելինԲագինի 60ամեակի թիւի պատրաստութիւնը առիթ տուած էր մեզի անգամ մը եւս աչքէ անցնելու անոր արխիւը ու յանգելու այն համոզման, որ անոր հիմնադիր խմբակը առաջին օրէն իսկ ի մտի ունեցած էր ոչ միայն կեդրոնաձիգ պարբերականի մը շուրջ գրողներ համախմբելը, այլ նաեւ անհրաժեշտ նկատած էր երիտասարդ ուժերով յաւելում մը կատարել Սփիւռքահայ գրականութեան էջին վրայ, եւ առ այդ պարբերականի էջերը միշտ բաց պահած երիտասարդ ստեղծագործողներու առջեւ, որոնք իրենց յախուռն կրակով կենսունակութիւն մը բերած էին մեր լեզուին եւ գրականութեան, հանդիսանալով իրենց ժամանակին ու սփիւռքեան […]
Կարդալ աւելինԵթէ ընդունինք որ գրական պարբերականի մը էջերը կրնան շողանկար մը ըլլալ լեզուի մը գրաւոր կենսունակութեան, այսինքն անով արտայայտութեան ձգտող կենսափորձին, ապա կրնանք ըսել որ Բագինի էջերը միշտ ալ փորձած են բեմ տրամադրել նոր անուններու եւ նորանոր արտայայտչաձեւերու։ Այս լեզուն կը շարունակէ իրեն քաշել սերունդէ սերունդ ու ցամաքամասէ ցամաքամաս գրիչ շարժել փափաքողներու հետաքրքրութիւնն ու ձգտումը։ Ասիկա՝ ի հեճուկս անոր դէմ ցցուող բոլոր արգելքներուն ու դժուարութիւններուն, ըլլան անոնք ներքին (այսպիսի ղեկավարութեան ի տես, կ’աւաղէր մեր երէց բարեկամը վերջերս, լեզուն թաղողի պէտք չունի։ […]
Կարդալ աւելինԲագինը իր հիմնադրութեան օրէն ունեցած է յստակ եւ իւրայատուկ դիմագիծ։ Այդ դիմագիծի հիմքին կը գտնուի ինքնագիտակցութիւն մը, խարսխուած վայրի մը ու պատմութեան մը պատկանելու գաղափարին վրայ։ Լեզու եւ մշակոյթ կը բիւրեղացնեն այդ պատկանելութիւնը։ Անոր մէջ կը մտնեն դարերու երկայնքին վրայ հաւաքական կեանքի մը բոլոր դրսեւորումները։ Անոր մէջ կը մտնեն հոգեխառնուածք ու իւրայատուկ զգացողութիւն, որոնք բոլորը կը կազմաւորեն ազգային գիտակցութիւն եւ այդ ամէնը կը հասցնեն մեզի անոր ժառանգորդներուն, որպէս աւանդ։ Ճիշտ է որ հողը սահեցաւ մեր ոտքերուն տակէն ու դարձանք աստանդական։ […]
Կարդալ աւելինՍփիւռքի փորձառութիւնը իր կենդանութեամբ եւ յարափոփոխ ու մշտանորոգ հայելացումներով, առնուազն վերջին տասնամեակներուն, միշտ ներկայ է մեր գրականութեան մէջ, հետեւաբար նաեւ բանաստեղծութեան մէջ, որ կը փորձէ բռնել այդ փորձառութիւնը, անոր ձեւ եւ ձայն տալու ճիգով, զայն վերածելով աշխարհահայեացքի, խախտելով բանաստեղծութեան ընկալման աւանդական սահմանները։ Վահէ Օշականի, Գրիգոր Պըլտեանի, Յարութիւն Պէրպէրեանի բանաստեղծութիւնները լաւագոյն օրինակները կը հանդիսանան այս հաստատումին, որովհետեւ անոնք կրցած են բանաստեղծութիւնը գաղափարաբանական աւանդոյթէն հեռացնել եւ զայն տեղադրել սփիւռքայնութեան ոլորտին մէջ, որպէս լեզուական փորձառութիւն, տեսակ մը լեզուական ճակատում ենթակային ներքին կշռոյթին ու […]
Կարդալ աւելինԿ’ըսեն որ բանաստեղծները չեն մեռնիր։ Բանաստեղծին խօսքերն են նաեւ, վաղամեռիկ Թենի Արլէնին, երբ կը գրէր «մահը բնաւ չի գար մեզի»։ Կանխայայտ ներիմացութի՞ւն գուցէ, կամ ապրելու կա՜մք։ «Մեր հետքերը կը շարունակուին» գրեր էր ան տակաւին այն ատեն, երբ քսանչորսամեայի իր լաւատեսութեամբ կը վարակէր շուրջ բոլորը։ Օբիսպոսեան Փիլոմելը կը կոչէ զինք մեր երիտասարդ աշխատակիցը՝ Արթիւր Իփէքը, իր գեղեցիկ գրութեան մէջ, յղում մը կատարելով Գալիֆորնիոյ Սան Լուիս Օբիսպօ քաղաքին, ուր Արլէն հասակ նետած էր չորս-հինգ սերունդ ետ գացող ամերիկահայ տան մը մէջ […]
Կարդալ աւելինՄարգարիտ Ասատրեանը ծնած է Երեւան, 1994ին։ Շրջանաւարտ է Հայաստանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայէն նկարչութեան մասնագիտութեամբ ու 2016էն ի վեր զանազան խմբային ու անձնական ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է Հայաստանէն ներս ու դուրս զանազան քաղաքներու մէջ ինչպէս՝ Լոնտոն, Պէյճինկ, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Քուէյթ։ Պատասխանելով այն հարցումին թէ ի՞նչը զինք մղած էր նկարչութեան՝ ան կ’ըսէ. «Կը յիշեմ ինչպէս նկարիչ հօրս պատկերակալին մօտ կանգնած հիացմունքով կը դիտէի թէ ան ինչպէս գոյները կը խառնէր ու կեանքի կը բերէր ծանօթ իրերն ու կերպարները»։ Սակայն ծնողները զինք ազատ […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ




