ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

Բանաստեղծ, գրականվերլուծական յօդուածներու հեղինակ, տասնամեակ մը ամբողջ եղած է «Բագին»ի խմբագիր ու ապա խմբագրական կազմի երկարամեայ անդամ եւ աշխատակից։ Ծնած է Հալէպ։ Աւարտած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի անգլիական գրականութեան եւ Մոնթրէալի ՄըքԿիլ համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը, արժանանալով մագիստրոս կոչումին։ 1980-ական թուականներուն փոխադրուած է Մոնթրէալ, ուր մինչեւ օրս հայ գրականութիւն կը դասաւանդէ Ս. Յակոբ ազգային վարժարանէն ներս։ Հեղինակն է բանաստեղծական չորս հատորներու՝ Կորիզ (1979), Ոսպնեակ (1984), Անցման եղանակ (1993) եւ Սահմաններ (2007):

Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները

Քանդումներու ձայներ յաճախ ես կը լսեմ՝
փլող պատեր, ինկող քարեր,
օրերու հետ դատարկուող շրջանակներ պատուհանի…
Այո, երբեմն մղձաւանջներուս
մէջ դեռ կը պայթին սուլոցներ ռումբի,
ու չեմ հասկնար
ասոնք կը հասնին արդեօք անցեալէ՞ս
թէ խուլ ձայներ են ժամանակէ մը…

Կարդալ աւելին

                            Րաֆֆիին

Հանրակառքը դեռ կը կապէ
քեզ անցեալիդ։ Տարիներուն
որոնք արդէն կը տանէին
պատանեկան երազներու,
երբ աշխարհդ կը տարածուէր
թաղէն անդին։ Կը դիտէիր
այն համարձակ լակոտները…

Կարդալ աւելին

Տան պարտէզի յետնամասը

   Տան ­պարտէզի ­յետնամասի
    ­ դռնակը ­բա՛ց­ ու ­լուռ­ դիտէ՛,­-
   պիտի­ գտնես­ գողտրիկ­ աշխարհ­ մը ­անեղծ,
   որ­ կը­ մ­նայ­ մ­իշտ­ ծածկուած ­աչքերէ:­

   Պիտի ­գտնես ­յուշերուն ­մէջ­ անցեալի
   աշխարհ ­մը­ նուրբ ­ու ­մոռցուած ­երեւի,

Կարդալ աւելին

Ինչպէ՞ս գտնել կորսուող Պէյրութի հետքերը, երբ ինչ որ ծանօթ ու հարազատ է քեզի՝ մտքիդ մէջ ներկայ է միշտ, զայն բաղդատել այլ ժամանակներու հետ, երբ քաղաքը քու դիմացդ կը քանդուէր ու կը կառուցուէր, աւելի ուշ, երբ կ՚այցելէիր այնտեղ, կը փորձէիր հասկնալ՝ թէ ի՞նչ կորսուած էր, թէ ինչ էր փոխուեր, մանաւանդ որ շատ մը վայրեր սերտօրէն առնչուած էին կեանքիդ առաջին տասնամեակներուն…

Կարդալ աւելին

Վեհանոյշ Թեքեանի Աղօթքներ ուռկանի մէջ բանաստեղծութեան հատորը մեզ անմիջապէս կարգ մը մտածումներու կամ հաստատումներու կը մղէ:
     Առաջին՝ որոշ տարիներու լռութենէ ետք գրողին վերադարձն է բանաստեղծութեան: Իր Սնունդն ու անդունդը 2000 թուականին լոյս տեսած էր Նիւ Ճըրզի, իսկ նոյն տարին Հայաստան լոյս տեսած Հրագիրը ծաղկաքաղ մըն էր…

Կարդալ աւելին

Դուն միշտ կենդանի
քերթուածն ես, սէր,
զոր կը շօշափեմ
եւ խոր կը շնչեմ:

Բայց մեծ պատկերդ
ներաշխարհիս մէջ
լուռ կը կտրատուի,
ժամանակին հետ կարծես կ’աղօտի,

Կարդալ աւելին

Ա. ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԸ

     Դժուար է արագ ակնարկով մը ներկայացնել Որբունիի արձակը, որուն մա՛նաւանդ վիպական մարզը, «Փորձը»էն մինչեւ «Եւ եղեւ մարդ», «Թեկնածուն», «Ասֆալթը» եւ «Սովորական օր…

Կարդալ աւելին

Բ. ՓՈՐՁԵՐ ԱՄԷՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ

     «Փորձը» վիպակին մէջ, Որբունիի հարցերուն մեծ մասը երեւան կու գան արդէն։ Անանուն տիպարը այն մարդն է, որ ընկերային-տնտեսական սուր տագնապի մը մէջ կը կոչուի իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու։ Ան…

Կարդալ աւելին

Գ. ԹԵԿՆԱԾՈՒԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԵՒ ԵՂԵՒ ՄԱՐԴ

     «Ասֆալթը» նոր էջ մըն է հայ վիպագրութեան համար։
     «Հալածուածներ»ու շարքին երրորդ գլուխը կազմող այս գործը, որ լոյս տեսաւ 1972ին, «Մարմարա» հրատարակչատան կողմէ…

Կարդալ աւելին

Յակոբները Գրիգոր Պըլտեանի պատումներու «Գիշերադարձ» անուանուած շարքին իններորդն է եւ առաջին հատորներուն պէս կը վերադառնայ իր պատումը կատարող անձին ծննդավայրը՝ Բլուրը (Բլուրը իմ կողմէս գլխագրուած է), որ ցեղասպանութեան աղէտէն վերապրածներու վայրերէն մէկն է, եւ կը փորձէ հասկնալ աղէտին ազդեցութիւնը վերապրողներուն վրայ:
Պատմողը փիլիսոփայութեան վկայականով

Կարդալ աւելին

   Ամենէն վտանգաւոր եւ միաժամանակ ամենէն փորձիչ ու շահեկան աշխատանքներէն մէկը հետախուզումն է բանաստեղծի մը քերթողական յղացքի հոլովոյթին, անոր այլազան հետաքրքրութիւներու զարգացումին եւ տարբեր հարցերու ընկալման, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ բանալ բանաստեղծին կազմաւորման տարբեր շերտերը…

Կարդալ աւելին

ՍԻՐԵԼԻ Մարուշ, արուեստի հիմնական պատրաստութիւնդ երաժշտութիւնը եղած է, եւ բնականաբար երբեմն երաժշտական եզրեր կը գտնենք բանաստեղծութիւններուդ մէջ, ինչպէ՞ս կատարուեցաւ անցումդ բանաստեղծութեան:
ԽՈՐՔԻՆ մէջ բնաւ անցում եղած չէ. երկուքը

Կարդալ աւելին

… Մեզի համար՝ դեռ
հին շոգեկառքը,
իր կաղնեկարմիր եւ մոխրակապոյտ
բաժանմունքներով,
լուռ ճամբայ կ’ելլէ
ծովափնեայ գիծէն,
դանդաղ ընթացքով վեր կը բարձրանայ
լեռնալանջերէն,
ամէն կայանի

Կարդալ աւելին

Ահա շէնքեր կը բացուին
կակաչներու պէս բոսոր՝
հրդեհներ բոցավառ:
Փողոցներուն ուրուականներ կը շրջին,
կը շրջանցեն՝ անցարգելներ,
փշաթելեր գալարուն:
Կանաչ աղջիկը Լորքայի
դեռ կը սպասէ իր ասպետին,

Կարդալ աւելին

Իր կեանքին հանդէպ վերաբերումներէն ու հակազդեցութիւններէն մեկնած, Շուշանեանի հերոսը այն նոյն պատանին կամ երիտասարդը կը թուի միշտ, որ արտաքին տարբեր կերպարներու եւ կացութիւններու մէջ, կու գայ ինքզինք փնտռելու եւ կամ… ինքն իրմէ խուսափելու:
    «Աոաջին սէրը» , «Մթին պատանութիւն» եւ…

Կարդալ աւելին

Այս մէկը բանաստեղծին քերթողական աշխատանքի վերլուծումը չէ, այդ մէկը ան­ցեալին կատարած եմ Ազդակ եւ Ասպարէզ օրաթերթերու էջերուն` փոքր փոփո­խութիւններով, եւ չեմ ուզեր ինքզինքս կրկնել (1): Ասոնք Խոսրով Ասոյեանի վերջին շրջանի աշխատանքները կամ փորձերն են՝ երբեմն ամբողջական, երբեմն պա­տառիկներ եւ երբեմն ալ նոյն գործին տարբերակները, որոնք բանաստեղծին կողմէ վերջ­նական ձեւաւորումի չեն ենթարկուած: 2021ի հոկտեմբերին հանդիպած էի իրեն, Երեւանի մէջ, ուր եկած էր ընտանիքին հետ վերջին անգամ քանի մը օրով Արցախ այցելելու եւ հանդիպելու իր զէնքի ընկեր­ներուն: Ճիշդ է որ շուրջ տարի […]

Կարդալ աւելին

Բարեւ Խոսրով, աւելի քան քսան տարուան բարեկամութիւն մը, այն օրերէն սկսեալ, երբ մեր բանաստեղծութիւնները պզտիկ խումբերով կը քննարկէինք, առիթ կու տայ այս մտերմիկ զրոյցին: Ճիշդ է, որ աւելի քան քառորդ դար աշխարհագրականօրէն հեռու էինք իրարմէ, սակայն անկախ հեռաձայնային կապերէ, նաեւ յաճախ առիթներ ստեղծուեցան Լոս Անճելոսի, նոյնիսկ վերջերս՝ Հայաստանի մէջ հանդիպելու: Մենք ենք մեր սարերը հատորին մէջ կը գրես Ասոյ Խաչոյենց տան Ասատուրին մասին, որ եօթը անգամ դաշունահարուած է իր տան մէջ. բնականաբար, այս մէկը յղում մըն է Ցեղասպանութեան հետ կապուած […]

Կարդալ աւելին

Ալիքներդ ունկերուս մէջ կը շառաչեն կամ մեղմաձայն կը փսփսան տակաւին … Նախահայրերս բարձր լեռներու, խորունկ կիրճերու բնիկիներն էին, իրենց ոտքերը պէտք էր որ ամուր հողի եւ ժայռի վրայ հաստատուէր, անոնք կ’երեւի չունէին անզուսպ բաղձանք մեկնումի, հորիզոններով արբշիռ գինովցած՝ փոթորիկներու մէջէն անցնելու, ծովեր հերկելու: Իրենցը՝ ծանօթ գետերու վրայ առեւտուրն էր դէպի վար, հարաւ, եւ ի տես ծովուն, Քսենոֆոնի զինուորներուն պէս, ինքնամոռաց վերացումով, երբեւիցէ չպոռացին՝ թալասա: Իսկ պատմութեան հարուածը դաժան զիս նետած էր քու ափերուն: Երբ այդ մատղաշ, ոսկոր կազմող տարիներուն, Միջերկրականի […]

Կարդալ աւելին

Գրութիւններու արխիւ